Cuma Eylül 20, 2024

ՀՅԴ ԶՈՄ. «Պոլսոյ Հայերուն Հետ Զրոյց»-ը Լուսարձակները Կեդրոնացուց Պոլսահայ Համայնքի Դժուարութիւններուն Վրայ

kaypakkaya-partizan

 

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, երէկ` ուրբաթ, 10 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լսարան մը` «Զրոյց մը Պոլսոյ հայերուն հետ» խորագիրով: Օրուան զեկուցաբերներն էին` «Ակօս» շաբաթաթերթի հայկական բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսթուքեան եւ «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութեան անդամներէն, ընկերաբան Սայաթ Թեքիր:
Էսթուքեան յայտնեց իր ուրախութիւնը Պէյրութ գտնուելուն համար: Ան համառօտ ակնարկով մը ներկայացուց արեւմտահայ մշակոյթի մայրաքաղաքը հանդիսացող Պոլսոյ հայ համայնքին պատմութիւնը: Էսթուքեան նշեց, որ ներկայիս Պոլսոյ հայութիւնը ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուածներու շառաւիղներէն կազմուած է: Ան աւելցուց, որ Թուրքիոյ ազգ-պետութիւն հասկացողութիւնը չէ հանդուրժած թուրք ազգութենէն զատ ուրիշ ազգութիւնները` շեշտելով, թէ թուրք ազգութիւնը արուեստական ազգութիւն է` կազմուած պետականութեան կողմէ: Ըստ Էսթուքեանի, մինչեւ օրս ճնշումի ու հալածանքի քաղաքականութիւն գոյութիւն ունի Թուրքիոյ մէջ:Արեւիկ Փափազեան ԶՈՄ-ի անունով երկու խօսքով բացաւ ձեռնարկը:

Սայաթ Թեքիր շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ ու դիտել տուաւ. «Երանի՛ ամէն գաղութ Լիբանանի գաղութին պէս ըլլայ»:

 

Թեքիր ներկաներուն ծանօթացուց «Նոր Զարթօնք»  միութիւնը, որուն համաբանբերն է ան: «Նոր Զարթօնք»-ը Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք ձեւաւորուած բազմազգի հասարակական միութիւն մըն է, որ քաղաքական եւ ընկերային-դասակարգային հարցերով կը զբաղի: Միութիւնս տասնհինգ լեզուներով հաղորդումներով «Նոր Ռատիօ» անունով ձայնասփիւռի կայան հիմնած է: Այս տասնհինգ լեզուներուն կարգին են համշէնահայերէնը, արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը: Թեքիր ընդգծեց, որ Պոլսոյ հայ համայնքը մօտ յիսուն հազար մարդ կը հաշուէ, հինգ երկրորդական վարժարաններ ու տասներկու միջնակարգ վարժարաններ ունի: Մօտ երեք հազար հայ աշակերտ կայ Պոլսոյ հայ վարժարաններուն մէջ: Այսուհանդերձ, Պոլսոյ մէջ հայերէնի ու հայախօսութեան վիճակը վատ է` համաձայն պոլսահայ հիւրերուն:

 

Զեկուցաբերները շեշտեցին, որ մարդուն փոխարէն շէնքերն են, որ համայնքին նիւթական ներդրումը կը ստանան: Ըստ Էսթուքեանի, հիւանդանոցներն ու դպրոցները հպարտութիւն կը պատճառեն, բայց համայնքի վերնախաւի մարդիկը հայկական հիւանդանոցին մէջ չեն բուժուիր եւ իրենց զաւակները հայկական դպրոց չեն ուղարկեր:

 

Էսթուքեան դիտել տուաւ, որ պոլսահայերու նոր սերունդին մէջ հայախօսները բացառութիւն կը կազմեն ի հակառակ նախորդ սերունդներուն, ուր հայախօսութիւնն էր տիրականը: Ան յայտնեց, թէ հող պէտք է «մշակոյթ» բառին արդարացման համար` ակնարկելով հայերէնին իբրեւ կենդանի լեզուի ու հայ մշակոյթին:

 

Թեքիր համարձակօրէն խօսեցաւ պոլսահայութեան մէջ գոյացած ապակեդրոնացման եւ անմիաբանութեան մասին:

 

Զեկոյցը անդրադարձաւ կրօնափոխ եւ ծպտեալ հայերու կնճռոտ հիմնահարցին:

 

Թեքիր անդրադարձաւ արեւմտահայերէնի պահպանումը հետապնդող «Հայ մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան»:

 

100-ամեակի առիթով Էսթուքեան դժգոհութիւն յայտնեց հայ ազգի քաղաքական վարքագիծին գծով: Վկայակոչելով Հրանդ Տինքի խօսքը` ան ընդգծեց, որ թրքատեացութիւնը թունաւոր յատկութիւն է, որ տեղ չի հասցներ:

 

Ներկաներէն մէկուն հարցումին պատասխանելով Էսթուքեան հաստատեց, որ սփիւռքի եւ Պոլսոյ միջեւ ուսումնական գետնի վրայ պէտք է ըլլայ համագործակցութիւն, որ ապագային երկու կողմերուն միջեւ փոխյարաբերութիւններուն մէջ մեծ նպաստ պիտի ունենայ: Ան միաժամանակ  լուսաբանեց սփիւռքի ու հայկականութեան հանդէպ Պոլսոյ մէջ պարզուած պահպանողականութիւնը, վախը եւ վերապահութիւնը` իբրեւ արդիւնք Թուրքիոյ պետութեան տասնեակ տարիներու վրայ գործադրուած ճնշումներուն ու հալածողական քաղաքականութեան:

 

Զեկուցաբերները նաեւ անդրադարձան Թուրքիոյ քաղաքական-ընտրական շրջածիրին մէջ երկրի հայութեան դիրքորոշումներուն: Էսթուքեանի գնահատականով` Թուրքիոյ հայութեան կէսը Ժողովուրդի ժողովրդավարական կուսակցութեան պիտի տայ իր քուէն:

 

Իր կարգին, Սայաթ Թեքիր նկատել տուաւ Թուրքիոյ հայութեան հասարակական շարժումին մէջ կիներու բացակայութիւնը:

 

Աւարտին զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներուն զանազան հարցումներուն:

 

1157